Համագաղութային Ոգեկոչում՝ Մոնթեպելլոյի Յուշարձանին Առջեւ
Կազմակերպութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելըսի Միացեալ մարմինին, Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24ին տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 98ամեակի ոգեկոչումը, Մոնթեպելլոյի յուշարձանին մօտ, ներկայութեամբ քաղաքական դէմքերու, համայնքի ներկայացուցիչներու, գաղութի բոլոր յարանուանութեանց հոգեւոր առաջնորդներու եւ աւելի քան 3000 հայորդիներու:
«Ներում Չկա՛յ Առանց Արդարահատուցման…»
Այս էր փաստացի մթնոլորտը Մոնթեպելլօ քաղաքի «Պիքնել Փարք»ի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ, ուր հազարաւոր հայորդիներ եկած էին ոգեկոչելու եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու մեր 1.5 միլիոն անմեղ նահատակներու յիշատակին:

Միացեալ
մարմինին
կողմէ
բացման
խօսքով
հանդէս
եկաւ
Թոմ
Ալեքսանեան,
որ
ողջունելէ
ետք
ներկաները՝
նշեց,
թէ
անցած
չորս
տարիներու
ժրաջան
աշխատանքով,
ներկայիս
Միացեալ
մարմինը
կ՛ընդգրկէ
աւելի
քան
50 միութիւն եւ կազմակերպութիւն:
Ապա
ան
հրաւիրեց
ՀՄԸՄի
եւ
ՀԲԸՄի
սկաուտները,
որպէսզի
կատարեն
դրօշակի
արարողութիւնը,
որմէ
ետք
խմբավար
Միքայէլ
Աւետիսեանի
ղեկավարութեամբ,
Լոս
Անճելըսի
Իրանահայ
միութեան
երգչախումբը
կատարեց
ԱՄՆի
եւ
Հայաստանի
քայլերգները:
Օրուան հանդիսավարն էր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակի գործադիր վարիչ Ուիլեըմ Պայրամեան, որ յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց յուշահանդէսի պաշտօնատար հրաւիրեալները, որպէսզի իրենց խօսքը եւ պատգամը փոխանցեն ներկաներուն:
Ելոյթ ունենցաւ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան, որ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Թուրքիոյ կառավարութեան բարձրացուցած խոչընդոտներուն՝ արգելք հանդիսանալու համար հայութեան առաջընթացին: Հիւպատոսը շեշտեց, որ այդ բոլորը հաստատօրէն ապարդիւն պիտի անցնին:
Միացեալ մարմինի անդամ, Հայկական միացեալ ֆոնտի ներկայացուցիչ Յարութ Սասունեան ներկայացուց օրուան գլխաւոր բանախօսը՝ Բրիտանիոյ քաղաքացի, միջազգային իրաւաբան եւ դատաւոր, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման կողմնակից, Մարդկային իրաւանց օրէնքի դասախօս Ճեֆրի Ռոպըրթսընի հակիրճ կենսագրականը, որ Լոս Անճելըս ժամանած էր Միացեալ մարմինին յատուկ հրաւէրով, եւ ապա բեմ հրաւիրեց զայն, որպէսզի փոխանցէ իր պատգամը:
Օրուան բանախօս Ճեֆրի Ռոպըրթսըն ամփոփ ձեւով խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան իր կատարած հետազօտութիւններուն մասին՝ շեշտելով մարդկային իրաւունքներու ոտնահարման փաստացի իրականութիւնները եւ ապա կարեւորելով այն ճշմարիտ իրողութիւնը, թէ՝ «կարելի չէ ներել թուրքին, առանց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ արդարահատուցման»:
Ապա յաջորդաբար ելոյթ ունեցան հրաւիրեալներու շարքէն ամերիկեան քաղաքական անձինք, որոնք ցաւակցելէ ետք ներկաներուն, վստահեցուցին Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը եւ թէ իրենք հայ գաղութի կողքին պիտի պայքարին, մինչեւ որ Ամերիկեան կառավարութիւնը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստացի իրողութիւնը: Քաղաքական դէմքերու շարքին էին Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Անթոնիօ Վիարայկոսա, նահանգային կրթական վերահսկիչ Թամ Թորլաքսըն, նահանգի ելեւմուտքի ընդհանուր վերահսկիչ Ճան Չիէնկ, նահանգային խորհրդարանի անդամ Մայք Կաթօ, Լոս Անճելըս քաղաքի իրաւաբան Գարմէն Թրութենիչ եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Ուենտի Կրուլ եւ Փօլ Գրիգորեան, ինչպէս նաեւ՝ քաղաքական այլ դէմքեր:
Միացեալ մարմինին անունով Ռաֆֆի Համբարեան՝ անգլերէնով, իսկ Հրաչ Սեփեթճեան՝ հայերէնով, ելոյթ ունեցան եւ իրենց ոգեւորիչ խօսքերով ներկաները ներշնչեցին միասնականութեամբ ոտքի կանգնելու ու պայքարը շարունակելու՝ յանուն մեր ազգի արդար իրաւունքներու ձեռքբերման:

Միացեալ մարմինի անդամ, Հայ իրաւաբաններու միութեան ներկայացուցիչ Կարօ
Ղազարեան, խօսք առնելով՝ ներկաներուն վստահեցուց, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան
ճանաչումն ու հատուցումը կը մտնէ նոր փուլ. ան աւարտեց իր խօսքը՝ կանչելով այն
բոլոր քաջ հայորդիները, որոնք պատրաստ են դիմագրաւելու բոլոր դժուարութիւնները,
առանց նահանջի, մինչեւ յաղթանակ:
Ձեռնարկի աւարտին, Միացեալ մարմինի քարտուղար Արուս Ղազարեան ընթերցեց Միացեալ մարմինի անդամ կազմակերպութեանց անունները, որոնք գաղութիս հոգեւոր յարանուանութիւններուն առաջնորդութեամբ ուղղուեցան դէպի յուշարձան եւ ծաղկեպսակ զետեղեցին Մոնթեպելլոյի Նահատակաց յուշարձանին դիմաց, ուր ներկայ հոգեւորական դասը հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց՝ եզրափակելով Հայոց Ցեղասպանութեան 98րդ տարելիցին նուիրուած յուշահանդէսը:
Յիշեցնենք, որ Երկուշաբթի, Ապրիլ 22ին Միացեալ մարմինը կազմակերպած էր ընթրիք-երեկոյ մը՝ ի պատիւ Հայոց Ցեղասպանութեան 98րդ ամեակի ոգեկոչման գլխաւոր բանախօս Ճեֆրի Ռոպըրթսընի, որ Լոս Անճելըս ժամանած էր նոյն օրը: Ընթրիքի երեկոն տեղի ունեցաւ Փասատինային Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Տիգրանեան» սրահը, ուր կը գտնուէին աւելի քան 200 անձեր՝ ներկայացնելով Միացեալ մարմինի անդամ միութիւնները եւ կազմակերպութիւնները:
Ձեռնարկի բարի գալուստի խօսքը ներկայացուց Թոմիկ Ալեքսանեանը, իսկ Միացեալ մարմինի համանախագահ Ժան Գոսագեան ներկայացուց Միացեալ մարմինի կառոյցը եւ աշխատանքի եղանակը: Գեղարուեստական յայտագիրով, Միացեալ մարմինի համանախագահ Դաւիթ Սամուէլեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Արամ Լեփէճեանի, ներկաներուն հրամցուց փունջ մը հայկական եւ ազգային երգեր:
Երեկոն անցաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ. ներկաները առիթը ունեցան աւելի մօտէն ծանօթանալու գլխաւոր բանախօսին, որ իր կարգին, ուրախութեամբ գնահատեց անոնց ներկայութիւնը ի պատիւ իրեն:
(Թղթակցութիւնը՝
Միացեալ Մարմինի Դիւանէն)