Հաղորդագրութիւն՝
Հայոց Ցեղասպանութեան 99ամեակի Ոգեկոչման Առթիւ
Հինգշաբթի, Ապրիլ 24, 2014ին, աշխարհով մէկ ցրուած համայն հայութիւնը պիտի
ոգեկոչէ Հայոց Ցեղասպանութեան 99ամեակը: Իր կարգին, Լոս Անճելըսի եւ անոր շրջակայքի
հայութիւնը այս տարի եւս կը պատրաստուի ոգեկոչելու 1.5 միլիոն նահատակներու սուրբ
եւ անմոռաց յիշատակը, Մոնթեպելլոյի «Պիքնել Փարք»ի Հայոց Ցեղասպանութեան
յուշարձանին առջեւ, որուն հասցեն է՝ 910 Via San Clemente, Montebello, Ca,
90640:
Ոգեկոչման պաշտօնական բաժինը պիտի սկսի կէսօրէն ետք ժամը 1ին, տարբեր կազմակերպութիւններու կողմէ ծաղկեպսակներու զետեղումով, որմէ ետք տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ մասնակցութեամբ գաղութի բոլոր յարանուանութեանց հոգեւոր ներկայացուցիչներուն, եւ ապա՝ պատգամներու փոխանցում, հայ եւ օտար քաղաքական դէմքերու կողմէ: Ոգեկոչման կազմակերպումը ստանձնած է Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելըսի Միացեալ մարմինը: Սոյն մարմինը կազմուած է հայ գաղութին մէջ գործօն դերակատարութիւն ունեցող աւելի քան 50 միութիւններէ եւ կազմակերպութիւններէ: Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելըսի Միացեալ մարմինը սոյն հաղորդագրութեամբ կոչ կ՛ուղղէ շրջանի բոլոր հայորդիներուն, որ Ցեղասպանութեան նահատակներու ոգիով, խորհուրդով ու պատգամով, խուռներամ ներկայ գտնուին ոգեկոչման ձեռնարկին, ինչպէս նաեւ պահանջատիրական կամքով մասնակցութիւն բերեն գաղութին մէջ կազմակերպուող՝ Մեծ Եղեռնին նուիրուած բոլոր միջոցառումներուն: Այն կազմակերպութիւնները, որոնք կը փափաքին մաս կազմել Միացեալ մարմինին, սակայն ցարդ առիթ չեն ունեցած մասնակից ըլլալու անոր աշխատանքներուն, կը խնդրուի, որ կապուին գործադիր մարմինին հետ՝ [email protected] հասցէով: ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՄԱՐՄԻՆ |