Հաղորդագրութիւն՝ Մարտ 2016
Մոնթէպելլոյի Ցեղասպանութեան Յուշարձանի Մօտ Հայոց Ցեղասպանութեան 101րդ Ամեակի Ոգեկոչում - Շաբաթ, Ապրիլ 23, 2016
Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելըսի Միացեալ Մարմինը, որ կազմուած է Լոս Անճելըսի հայ գաղութի մէջ գործօն դերակատարութիւն ունեցող շուրջ 50 միութիւններէ եւ կազմակերպութիւններէ, իբրեւ հիմնական առաքելութիւն պարտականութիւնը ունի կազմակերպելու Մոնթեպելլոյի «Պիքնել Փարք»ի մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ տեղի ունենալիք տարեկան ոգեկոչումը: Իսկ, տարուայ ընթացքին, կը կազմակերպէ եւ կը հովանաւորէ նաեւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հետ առնչուող քարոզչական բնոյթի տարբեր միջոցառումներ:
Նկատի ունենալով, որ այս տարի Ցեղասպանութեան 101րդ ամեակի առիթով, Լոս Անճելըսի Թրքական Հիւպատոսարանի առջեւ համագաղութային տարողութեամբ կազմակերպուելիք «Արդարութեան Համախմբում»ը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլի 24ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-էն սկսեալ, Մոնթեպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ տեղի ունենալիք համագաղութային ոգեկոչումը, տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Ապրիլ 23, 2016ին, կէսօրէ յետոյ, ժամը 1:00ին: Միջոցառման ընթացքին տեղի պիտի ունենայ կրօնական արարողութիւն եւ պիտի փոխանցուին քաղաքական պատգամներ:
Հայոց Ցեղասպանութեան 101րդ տարին ոգեկոչելու նպատակով, Միացեալ Մարմինս նախաձեռնած է նաեւ այլ ձեռնարկներ, որոնց մասին պիտի անդրադառնանք մէկ այլ հաղորդագրութեամբ:
Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելըսի Միացեալ Մարմինը սոյն հաղորդագրութեամբ կոչ կ'ուղղէ շրջանի բոլոր հայորդիներուն, որ Շաբաթ, Ապրիլ 23ին խուռներամ ներկայ գտնուին ոգեկոչման, յարգելու համար մեր 1.5 միլիոն սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը, ինչպէս նաեւ, մասնակցութիւն բերեն գաղութէն ներս կազմակերպուող եւ եղեռնին նուիրուած բոլոր միջոցառումներուն:
Այն կազմակերպութիւնները, որոնք կը փափաքին կապուիլ Միացեալ Մարմնին հետ, կը խնդրուի գրել Գործադիր Մարմնի [email protected] հասցէին:
Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելըսի Միացեալ Մարմին
Լոս Անճելըս - Մարտ 2016