109th Commemoration of the Armenian Genocide
April 24, 2024 Photo Gallery Community Wide Commemoration of the Armenian Genocide
Wednesday, April 24, 2024, starting 10:00. am. Montebello Armenian Genocide Monument Bicknell Park, Montebello, California 901 Via San Clemente, Montebello, CA 90640
108th Commemoration of the Armenian Genocide (4-22-2023) Photo Gallery
|
FREE BUS TRANSPORTATION
Հայոց Ցեղասպանութեան 109րդ Տարելիցը՝ Մոնթեպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձանին Առջեւ
Վերջին տասնամեակներուն, Լոս Անճելըսի հայ համայնքին համար սովորութիւն դարձած է Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը կատարել գաղութի հիմնական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներէն կազմուած Միացեալ Մարմինին միջոցով: Այս մարմինին մաս կազմած են կազմակերպութիւններ, քաղաքական կուսակցութիւնները, կրօնական յարանուանութիւնները, բարեսիրական եւ հայրենակցական միութիւններ, իսկ այժմ, Միացեալ Մարմինին միացած են առաւել քան 40 միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ: Միացեալ Մարմինին որոշումով. այս տարի՝ Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2024-ին, առաւօտեան ժամը 10ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 109րդ տարելիցը պիտի ոգեկոչուի Մոնթեպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ (901 Via San Clemente, Montebello, CA 90640), նախ՝ կրօնական արարողութեամբ, ապա ծաղկեպսակներու զետեղումով: Իսկ օրուան պատգամաբերը պիտի ըլլայ իրաւաբան Գառնիկ Քէրքոնեան: Նկատի ունենալով հայ ժողովուրդին հանդէպ գործադրուած շարունակական ցեղասպանութիւնը, մանաւանդ վերջին տարիներուն Արցախի կորուստին, հազարաւոր նոր նահատակներու եւ Արցախի հայութեան բռնի տեղահանման՝ կը հրաւիրենք գաղութի հայ համայնքը՝ մասնակցելու, վերանորոգելու պահանջիրութեան ուխտը եւ անգամ մը եւս յարգանքի տուրք մատուցելու սրբադասուած մեր անմեղ նահատակներու յիշատակին: ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՄԱՐՄԻՆ 24 Մարտ 2024
Candlelight Vigil for Artsakh
Photo Gallery Los Angeles Mayor Endorses the Recognition of the Armenian Genocide
|