Candlelight Vigil for Artsakh
Ի Զօրակցութիւն Արցախի եւ Արցախահայութեան՝ Հաւաք եւ Մոմավառութիւն Մոնթեպելլոյի Յուշարձանին Առջեւ
Կազմակերպութեամբ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման Լոս Անճելոսի Միացեալ Մարմնին, Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 29, 2023-ին, Մոնթեպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ, ի զօրակցութիւն Արցախին եւ Արցախահայութեան, տեղի ունեցաւ հաւաք մը, որուն ներկայ էին Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի ծերակոյտի անդամ Անթընի Փորթանթինոյի կողմէ՝ Արտա Չաքեանը, Մոնթեպելլոյի նախկին քաղաքապետ՝ Ժագ Հաճինեանը եւ գաղութի մտահոգ հայորդիները, որոնք եկած էին իրենց աջակցութիւնը յայտնելու Արցախին եւ Արցախահայութեան, եւ անգամ մը եւս լիցքաւորուելու պայքարը առանց յուսահատութեան եւ աննահանջ ոգիով շարունակելու, Հայ ժողովուրդին հանդէպ կատարուած անարդարութիւններուն դէմ:
Հաւաքին բացումը կատարուեցաւ Հայր Միւռոն Ծայրագոյն Վարդապետ Ազնիկեանի տէրունական աղօթքով եւ խրախուսական պատգամներով, իսկ Անգլերէնով եւ Հայերէնով Միացեալ Մարմնի խօսքը եւ պատգամները փոխանցեցին՝ Սարօ Քէրքոնեան եւ համանախագահ Դաւիթ Սամուէլեան:
Հաւաքը վերջ գտաւ մոմավառութեամբ եւ Հայր Մեր աղօթքով:
Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման
Միացեալ Մարմին - Լոս Անճելոս