Public Forum with Garo Paylan - September 25, 2016
Ընթրիք-Հրապարակային Զրոյց՝ Ի Պատիւ Թուրքիոյ Խորհրդարանի Հայազգի Պատգամաւոր Կարօ Փայլանի
Շաբաթ, Սեպտեմբեր 24, 2016ին, Ազգային Ֆերահեան վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք-հրապարակային զրոյց մը՝ ի պատիւ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանին: Երեկոն կազմակերպած էր Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելըսի Միացեալ մարմինը. անոր ներկայ էին շուրջ հինգ հարիւր հայորդիներ, որոնք եկած էին ծանօթանալու եւ անհամբեր լսելու քաջարի Փայլանին, որ վերջերս Թուրքիոյ խորհրդարանէն պահանջած էր յատուկ ուսումնասիրութիւն կատարել 1908-1915 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան խորհրդարանին մէջ գործած եօթը հայ պատգամաւորներու սպաննութեան պատճառներուն մասին: Բարի գալուստի խօսքը փոխանցեց Միացեալ մարմնի համանախագահներէն Դաւիթ Սամուէլեան, ապա ան բեմ հրաւիրեց Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանը, որպէսզի ա-ղօթքով պաշտօնապէս բացումը կատարէ կազմակերպուած երեկոյին: «Կարօ Փայլան կամուրջ մը նետեց 1908 թուականի խորհրդարնէն մինչեւ այսօրուան Թուրքիոյ խորհրդարանը, ուր 100 եւ առաւել տարիներ ետք Ցեղասպանութեան զոհ դարձած հայ պատգամաւորներուն անունները ներկայ խորհրդանին մէջ բարձրաձայն հնչեցին շնորհիւ իրեն, որ կամուրջ մըն է անցեալէն դէպի ներկան, կամուրջ մը, Պոլսահայ գաղութէն մինչեւ Ամերիկայի եւ աշխարհի չորս կողմերը բնակող հայ գաղութներուն համար», ըսաւ Միացեալ մարմինի համանախագահ Ժան Գոսագեան, որ շարունակելով իր խօսքը՝ ըսաւ. «Մենք նոր հերոսներու պէտք ունինք, հերոսները միայն նահատակ չեն ըլլար, հերոսները նաեւ ողջ մարդիկ են, որոնք առօրեայ պայքարներով, մեր սիրտին բաղձածը կը լուծեն, իսկ եթէ կան այդպիսիները, մենք պէտք է զօրակցինք անոնց ամէն գնով»: Ապա ան եւս իր կարգին անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնած էին երեկոյի յաջողութեան համար: Ապա ցուցադրուեցաւ Կարօ Փայլանի եւ Խաչիկ Մուրատեանի գործունէութիւններուն մասին հակիրճ տեսերիզ մը, որմէ ետք բեմ բարձրացաւ իրաւաբան Էտուին Մինասեան, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք եկած էին իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու եւ իրենց ներկայութեամբ պատուելու այն մարդուն, որ 100 տարիներ ետք, նահատակները ետ բերելով, պահանջեց յարգել անոնց յիշատակը: Ապա կարդալով Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանի եւ հարցազրոյցի վարիչ, Արմինիըն Ուիքլի (Armenian Weekly) շաբաթաթերթի նախկին խմբագիր եւ համալսարանի դասախօս Խաչիկ Մուրատեանի կենսագրութիւնները, բեմ հրաւիրեց զանոնք, որպէսզի իրար հետ զրուցելով, ներկաներուն լուսաբանեն Թուրքիոյ ներկայ իրավիճակին եւ նոր իրադարձութիւններուն մասին: Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական եւ ընդդիմադիր կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովին առաջարկած էր հետաքննութիւն սկսիլ եւ պարզել սպանութեան պատճառները 1908-1915 թուականներուն Օսմանեան խորհրդարանին մէջ ներկայացուած հայազգի եօթը պատգամաւորներուն, որոնք 1915 թուականի Ապրիլ 24ին ձերբակալուած, աքսորուած եւ սպաննուած էին հարիւրաւոր հայ մտաւորականներու հետ միասին: Անոնց մաս կը կազմէին խորհրդարանի հայազգի եօթը պատգամաւորներ՝ Գրիգոր Զոհրապ, Յովհաննէս Վարդգէս Սերենգիւլեան, Նազարէթ Տաղաւարեան, Կարապետ Փաշայեան, Օննիկ Դերձակեան, Համբարձում Պոյաճեան եւ Պետրոս Հալաճեան, որոնք կ՛երազէին ժողովրդավար հիմքերու վրայ լուծել երկրի ընդհանուր խնդիրները, բայց եւ այնպէս անոնք վայրագաբար սպաննուած էին: Իսկ այն հարցին, եթէ իր կեանքին սպառնալիք կայ, ան ըսաւ որ Թուրքիոյ մէջ «հայ եմ» ըսելը ինքնին քաղաքական բնոյթ ունի, բայց եւ այնպէս ինք երիտասարդ տարիքին սկսած է աշխատելու հայկական կազմակերպութիւններու մէջ, եղած է հայկական դպրոցի տնօրէն, սակայն Հրանդ Տինքի ողբերգական սպանութենէն ետք միայն հասկցած է, թէ ինչ որ բան պէտք է փոխել, եւ ինքնզինք նուիրած է այդ գործին: «Ես հայ եմ եւ կ՛ապրիմ Թուրքիոյ մէջ, այդ բաւարար է, որ վախնամ իմ կեանքին վրայ, Հրանդ Տինք կը խօսէր անկեղծօրէն եւ սպաննուեցաւ, Սեւակ Պալըքչի համեմատաբար լուռ էր եւ ան ալ սպաննուեցաւ, ուրեմն կարեւոր չէ խօսիս կամ չխօսիս, պիտի սպաննեն մեզի, ես ընտրեցի իրականութիւնը խօսիլ», ըսաւ ան: Ներկաներուն կողմէ գրաւոր կերպով կատարուեցան հարցումներ, որոնց բոլորին ալ ան համբերութեամբ պատասխանեց: Վերջաւորութեան համանախագահներ Դաւիթ Սամուէլեան եւ Ժան Գոսագեան Միացեալ մարմինին անունով յուշանուէր մը փոխանցեցին հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանին: Երեկոյին իրենց մասնակցութիւնը բերին հանրածանօթ ջութակահար Յովիկ Մեղրիկեանն ու Լարային քառեակը: Հաւաքը փակուեցաւ «Կիլիկիա»ով, զոր մեներգեց Դաւիթ Սամուէլեան: (Թղթակցութիւնը՝ Միացեալ մարմինէն) |