Dinner Banquet in Fethiye Cetin's Honor - November 15, 2014
ԸՆԹՐԻՔ ԵՐԵԿՈՅ Ի ՊԱՏԻՒ՝ ՖԱԹՀԻՅԷ ՉԱԹԻՆԻ
Կազմակերպութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելըսի Միացեալ Մարմինի, Շաբաթ, Նոյեմբեր 15ի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ ընթրիք երեկոյ մը, ի պատիւ՝ իրաւաբան, գրող եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ֆեթհիյէ Չեթինի։ Երեկոյին ներկայ էին, գաղութի չորս յարարնուանութեանց, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ներկայացուցիչները, գաղութի հայկական մամուլի եւ հեռատեսիլի կայաններու ներկայացուցիչներ, հայ մտաւորականներ եւ հիւրեր: Լոս Անճելըսի Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Միացեալ Մարմինի անունով, բարի գալուստի խօսքը փոխանցեց, մարմնի անդամ՝ Տոքթ. Յովհաննէս Քուլաք Աւետիքեան: Ան՝ բարի գալուստ մաղթելէ ետք, ի մասնաւորի օրուան հիւրին, շնորհակալութիւն յայտնեց նախ Ֆաթհիյէ Չաթինին, որովհետեւ, սիրայօժար ընդառաջած էր միացեալ մարմնի հրաւէրին որպէսզի լուսաբանէ, ողբացեալ Հրանդ Տինքի նախ կեանքին, ապա իր մահուան պատճառ հանդիսացող եղելութիւններուն, եւ մահուընէ ետք, դատաւարութեան հանգրուաններուն, Թուրքիոյ ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեանց, եւ իսլամացած հայերու այսօրուայ վիճակին մասին: Ապա՝ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք կազմակերպչական աշխատանք տարին յաջողցնելու համար օրուայ հիւրին ժամանումը Լոս Անճելըս: Բացման խօսքէն ետք, Տոքթ. Քուլաք բեմ հրաւիրեց շրջանիս հոգեւոր հայրերը որպէսզի կատարեն սեղաններու օրհնութիւնը: Անգլերէն լեզուով բարի գալուստի խօսքը փոխանցեց, կրկին միացեալ մարմնի անդամ՝ Սարօ Քերքոնեան: Ան եւս շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք Ֆաթհիյէ Չաթինին, ըսաւ. «Երանի կարենամ բացատրել թէ ինչո՞ւ ամէն անգամ որ քու մասիդ կը մտածեմ, միեւնոյն ժամանակ կը մտածեմ նաեւ Հրանդ Տինքին»: Շարունակելով իր խօսքը, ան ըսաւ. «Վտանգելով ձեր կեանքը, տակաւին կը շարունակես հետապնդումը Հրանդ Տինքի սպանութեան, պատասխանատուութիւն պահանջելով Թուրքիոյ կառավարութենէն որպէսզի Հրանդ Տինքի սպաննիչները պատասխան տան իրենց ոճիրին համար»: Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելըսի Միացեալ Մարմնի մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց, Միացեալ Մարմնի համանախագահ՝ Ժան Գոսագեան, որմէ ետք, Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին նուիրուած, Հայոց Ցեղասպանութեան ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջանի 100ամեակի Յանձնախումբին եւ Լոս Անճելըսի Միացեալ Մարմնի յառաջիկայ նախաձեռնութիւնները յայտարարեց: Գարմէն Լիպարիտեան անգլերէնով ներկայացուց Ֆաթհիյէ Չաթինի համառօտ կենսագրութիւնը: Ապա, բեմ հրաւիրուեցան օրուայ հիւրը, որպէսզի լուսաբանէ եւ պատգամը փոխանցէ իսկ Պոլսահայ Միութեան Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ իրաւաբան Էտվին Մինասեանը, որպէսզի թարգմանէ: Ֆաթհիյէ Չաթին իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց որ իրեն առիթը տրուեցաւ ներկայ գտնուելու Լոս Անճելըս եւ ծանօթանալու հայ գաղութին, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց միացեալ մարմնին որ ի պատիւ իրեն կազմակեպած էին ընթրիք երեկոն: Ան՝ պատասխանելով իրաւաբան Էտվին Մինասեանի կարճ հարցումներուն, պատմեց թէ ինչպէս ծանօթացած էր Հրանդ Տինքին, խօսեցաւ անոր սպանութեան դրդապատճառներուն եւ խօսելով դատաւարութեան հանգրուաններուն եւ ընթացքին մասին, ըսաւ. «Ընդհանրապէս Թուրքիոյ մէջ ոեւէ ոճրային արարք մէկ կամ երկու տարիէն կը փակուի եւ ոչ ոք կ'իմանայ թէ ինչ եղաւ վերջաւորութիւնը, սակայն՝ Հրանդ Տինքի պարագային, միակ դատական պարագան է, որ մինչեւ այսօր տակաւին բաց է եւ կը շարունակուի բաց մնալ»: Ապա՝ վստահեցուց ներկաներուն որ երբէք ալ պիտի չի դադրի պայքարելէ մինչեւ արդարութիւն գտնայ Հրանդ Տինքին սպանութեան համար: Այն հարցումին թէ ին՞չ զգացած էր երբ իմացած էր որ իր մեծ մայրը հայ էր, ապա ան ըսաւ. «Օրեր շարունակ կ'ուզէի դուրս վազել եւ յեղափոխութիւն կանչել, քանի նախ որովհետեւ կը մտածէի ով էր հօրս ընտանիքը եւ ով էր մեծ մօրս ընտանիքը, ինչո՞ւ հայոց պատմութիւնը խեղաթիւրած էին եւ սուտ խօսած մեզի: Հայոց ցեղասպանութեան պատճառներէն մէկը, եղած է հայերու ունեցուածքներուն տիրանալը եւ որովհետեւ մենք պապենական բոլոր կեանքերնիս աղքատ ապրած էինք, այդ քիչ մը հանգստացուց ինձ, որ իմ ընտանիքս մաս կազմած չէր այդ թալանին»: Պատմեց թէ ինչպէս մեծ մայրը, որու իսկական անունը Հրանուշ էր, խնդրած էր իրմէ որ գտնայ իր եղբայրը որու անունը էր Խորէն եւ միայն գիտէր որ Նիւ Եորք կ'ապրէր: Օրեր ետք, Ֆաթհիյէ Չեթին իր մեծ մօր ընտանիքը գտնալու ուրախ լուրէն բացի, մեծ մօրը ուրախացնելով կը յայտնէ նաեւ, որ եղբայրը իր աղջկան անունը Հրանուշ անունով կնքած էր: Շարունակելով պատմութիւնը, ան ըսաւ որ արդէն իսկ շուտով առիթ ստեղծած էր Ամերիկայ մեկնելու եւ ծանօթանալու իր մեծ մօր ընտանիքին: Խօսքի աւարտին, անգամ մը եւս շեշտեց որ ինք պիտի չի դադրի Հրանդ Տինքին շահերը պաշտպանելէ, ինչպէս նաեւ երբէք պիտի չի դադրի Հայ դատի համար պայքարելէ մինչեւ արդար լուծում: Առիթ տրուեցաւ ներկաներուն որպէսզի հարցումներ կատարեն որոնց բոլորին ալ համբերութեամբ պատասխանեց օրուայ հիւրը: Երեկոն վերջ գտաւ գեղարուեստական յայտագիրով մը, կատարողութեամբ՝ Միացեալ Մարմնի համանախագահներէն՝ Դաւիթ Սամուէլեանի: Յիշեցնենք որ՝ Ֆեթհիյէ Չեթին եղած է Թուրքիոյ սահմանադրութեան 301 յօդուածով մեղադրուած Հրանդ Տինքի դատական պաշտպանը եւ մինչեւ օրս ալ, կը շարունակէ ներկայացնել Հրանդ Տինքի ընտանիքի բոլոր շահերը, հեղինակն է «Մեծ Մայրս» գիրքին, ուր կը նկարագրէ, թէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս բացայայտուած են իր մահացող մեծ մօր հայկական արմատները, իսկ իր համահեղինակած «Թոռները» գիրքին մէջ, ան կը պատմէ 1915-1923 թուականներուն թոռներու շուրթներով գրի առնուած՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ապրած եւ բռնի ուժով ինքնութիւնը կորսնցուցած հայերու յիշողութիւնները: Ան՝ շրջանը կ'այցելէ Միացեալ Մարմինի յատուկ հրաւէրով: Սալբի Թէքկէլեան Թղթակցութիւն՝ Միացեալ Մարմնէն |