ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 99ՐԴ ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ ԱՊՐԻԼ 24, 2014
Ապրիլ 24 է կրկին: Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման օր, յուզմունքի, վիշտի, կսկիծի,
մորմոքի եւ զսպուած արցունքներու օր, բայց
հայոց ցեղասպանութեան ցաւը, ինչպէս Մարի Ռոզ Ապուսեֆեան, Հինգշաբթի, Ապրիլ 24ին, ՀայոցՑեղասպանութեան 99րդամեակիոգեկոչման առթիւ,Մոնթեպելլոյի
նահատակաց յուշարձանին առջեւ ըսաւ ՝«մեր դարաւոր երկիր արեւմտահայաստանից, մեր ունեցուածքներից,
մեր բազմաշէն տեղայնութիւնից զտուած, այս հսկայ երկրագնդի բոլոր ծայրերում տարածուած
եւ պարզապէս միայն մէկ անուն, մէկ դիմագիծ՝ Սփիւռք դարձած ողջ արեւմտահայութիւնս, 99
տարիներ շարունակ իւրաքանչիւր օր ապրում ենք ցեղասպանութեան ազդեցութեամբ, որը կը վկայէ
այս օտար աշխարհամասում, օտար հողի վրայ կանգնեցուած Մոնթեպելլոյի նահատակաց այս յուշարձանը
եւ այսօրուայ մեր հաւաքը»:
Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչումը կազմակերպած էր՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելըսի Միացեալ Մարմինը,
որու ներկայ եղան,քաղաքականդէմքեր, համայնքիներկայացուցիչներ, գաղութիբոլորյարանուանութեանցհոգեւորառաջնորդներըեւաւելիքան4000հայորդիներ:
Ոգեկոչման բաժինի պաշտօնական բացումը կատարեց Թոմ Ալեքսանեան:
Ան՝ ողջունելէ ետք ներկաներուն, նշեց թէ՝ միացեալ մարմնի հինգ տարիներու միասնական
աշխատանքով, ներկայիս միացեալ մարմինին միացած են աւելի քան 57 միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ,
եւ ապա հրաւիրեց՝ միացեալ մարմնի քարտուղար Արուս Ղազարեանին որպէսզի ընթերցէ անդամ
միութիւններու անունները, որոնք գաղութի հոգեւոր առաջնորդներու հետ միասին ուղղուեցան
դէպի նահատակաց յուշարձան եւ ծաղկեպսակներ զետեղեցին յուշարձանին դիմաց, որու ընթացքին
կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Ապա՝ Թոմ
Ալեքսանեան հրաւիրեց ՀՄԸՄի եւ ՀԲԸՄի սկաուտները, որպէսզի կատարեն դրօշակի արարողութիւնը,
որմէ ետք՝ Սուրէն Հազարեան կատարեց Ամերիկեան եւ Հայկական քայլերգները:
Օրուան հանդիսավարն էր Փիթըր Հայկ: Ան՝ Միացեալ Մարմնի անունով
ողջունելէ ետք ներկաներուն, ողջոյնի խօսք ուղղեց նաեւ աշխարհի չորս կողմը ապրող այն
քաջերուն, որոնք կը պայքարին հանուն արդարութեան, որոնց շարքին նաեւ՝ թուրք յարգարժան
այլախոհներ, որոնց համարառաքելութիւն դարձած
է խիզախօրէն պայքարելու, որպէսզի թուրքիոյ կառավարութիւնը յարգէ մարդու իրաւունքները,
խօսքի ազատութիւնը, բարոյական արժէքները եւ ճշմարտութիւնը: