Announcement: February 2020
Los Angeles Community to Mark 105th Anniversary of the Armenian Genocide
Ցեղասպանութեան 105ամեակը Համագաղութային Տարողութեամբ Պիտի Ոգեկոչուի
Los Angeles Community to Mark 105th Anniversary of the Armenian Genocide
Ցեղասպանութեան 105ամեակը Համագաղութային Տարողութեամբ Պիտի Ոգեկոչուի
The Los Angeles Armenian-American community will collectively commemorate the 105th anniversary of the Armenian Genocide on April 24, 2020 through a coordinated series of events to remember the 1.5 million victims of that tragedy and raise the community’s voice in unison to demand justice for the crime.
Recognizing that through unity there is strength, the organizations that have traditionally planned the April 24 commemorations are working together to plan the day honoring the martyred saints of the Armenian Genocide and to demand justice, reparations and restitution. The coalition includes: The United Armenian Council of Los Angeles (UACLA), the Unified Young Armenians (UYA), and the Armenian Genocide Committee (AGC), which represents a broad association of global Armenian organizations, including the Armenian Apostolic, Armenian Catholic and Armenian Evangelical Churches, the Armenian Revolutionary Federation, the Social Democratic Hnchakian Party, the Armenian Democratic Liberal Party, the Armenian General Benevolent Union, the Armenian Youth Federation, the Armenian National Committee of America-Western Region, the Armenian Assembly of America, the Armenian Council of America, the Armenian Bar Association, the Organization of Istanbul Armenians, the Armenian Relief Society, the Homenetmen, Open Wounds and several other prominent Armenian community organizations. A pilgrimage to the Armenian Genocide Martyrs Monument in Montebello will commence by having organizational representatives and individuals place wreaths and take part in a multi-denominational requiem service at the foot of the monument. The March for Justice, will begin from Little Armenia, Hollywood, at 11AM. Tens of thousands will march in the heart of Hollywood, at the Armenian Genocide Memorial Square at Hollywood Boulevard and Western Avenue, to reaffirm the Community’s commitment to our people’s century long fight for justice and truth. The day’s events will conclude with a massive protest demonstration in front of Turkey’s Consulate General’s Office in Los Angeles, where the community will once again demand justice, reparations and restitution for the Armenian Genocide. April 24, 2020 will be the first Armenian Genocide commemoration since the almost unanimous passage of the Armenian Genocide resolutions by the United States House of Representatives and Senate, a tremendous victory for the entire Armenian community. Federal and State political officials will be present throughout the day to join in our commemorative events. The community is urged to take part with the tens of thousands who will participate in these important commemorative events on Friday, April 24. Transportation will be provided from Armenian community centers to and from the events. Additional detailed information will be provided in future news releases. |
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ
Հայոց Ցեղասպանութեան համագաղութային յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ այս տարի եւս հայ համայնքը Ապրիլ 24ին միասնաբար պիտի ոգեկոչէ Հայոց Ցեղասպանութեան 105րդ տարելիցը՝ իրականացնելով շարք մը միջոցառումներ: Գիտակցելով միասնական աշխատանքի ուժին կարեւորութեան, շրջանի կազմակերպութիւնները որոշած են իրենց ջանքերը մէկտեղելով՝ կազմակերպել սրբադասուած նահատակներու յիշատակման արարողութիւն, նոյն ժամանակ պահանջելով արդարութիւն եւ հատուցում: Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման համագաղութային մարմինին մաս կը կազմեն հետեւեալները՝ Միացեալ հայերու Լոս Անճելըսի խորհուրդը (UACLA), Միացեալ հայ երիտասարդները (UYA) եւ Հայոց Ցեղասպանութեան յանձնախումբը (AGC), որուն մաս կը կազմեն՝ Հայկական Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիները, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, Սոցիալ-Դեմոկրատ Հն-չակեան կուսակցութիւնը, Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, Ամերիկայի Հայկական համագումարը, Ամերիկայի Հայկական խորհուրդը, Հայ Իրաւաբանական միութիւնը, Պոլսահայ միութիւնը, Հայ Օգնութեան Միութիւնը, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը, «Բաց Վէրքեր» կազմակերպութիւնը եւ շարք մը այլ կազմակերպութիւններ: Միջոցառումները պիտի սկսին ուխտագնացութեամբ՝ դէպի Մոնթեպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձան, ուր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ անհատներ ծաղիկներ ու ծաղկեպսակներ պիտի զետեղեն յուշարձանին մօտ եւ պիտի կատարուի հոգեհանգստեան պաշտօն։ Այս տարուան Արդարութեան քայլարշաւը պիտի սկսի Փոքրիկ Հայաստանէն, կ.ա. ժամը 11ին, ուրկէ տասնեակ հազարաւորներ պիտի անցնին Հոլիվուտի մէջէն, Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի հրապարակէն (Հոլիվուտի եւ Ուեսթըրնի խաչմերուկին), իրենց պահանջատիրութիւնը շեշտելով։ Ապա, տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի մօտ Թուրքիոյ հիւպատոսութեան առջեւ բողոքի ցոյց, որուն միջոցով համայնքը դարձեալ իր ձայնը պիտի բարձրացնէ եւ կը պահանջէ արդարութիւն եւ վնասուց հատուցում: Յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ համայնքին, որ մեծաթիւ մասնակցութիւն բերէ Ցեղասպանութեան 105րդ տարելիցի ոգեկոչման նուիրուած սոյն հաւաքներուն, որուն ընթացքին պիտի դատապարտուի Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը եւ լուսարձակի տակ պիտի առնուի հայ ժողովուրդի արդար պահանջներուն տիրանալու կարեւորութիւնը: Այս տարի եւս պիտի տրամադրուին տարբեր կեդրոններէ փոխադրամիջոցներ, որոնց մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի տրամադրուին յառաջիկային։ |