Press Release 2 Armenian 4-15-2015
Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձանին Շուրջ Ապրիլի 25ին Կայանալիք Համագաղութային Ոգեկոչման Մասին
Մեր առաջին հաղորդագրութեամբ յայտնած էինք, որ այս տարի Մոնթեպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին շուրջ տեղի ունենալիք համագաղութային ոգեկոչումը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 25Ապրիլ 2015ին, կէսօրուայ ժամը 12էն սկսեալ: Այսու, կոչ կ'ընենք շրջանի բոլոր հայորդիներուն, որ խուռներամ ներկայ գտնուին սոյն Ոգեկոչման, յարգելու համար յիշատակը մեր 1.5 միլիոն անմեղ նահատակներուն:
Համագաղութային Ոգեկոչման ընթացքին տեղի պիտի ունենան քաղաքական ելոյթներ եւ կրօնական արարողութիւն: Ծաղկեպսակներ պիտի զետեղուին Միացեալ Մարմնիս անդամ աւելի քան 60 կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ: Միջոցառման իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութեան եւ Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութեան միացեալ երգչախումբը: Իսկ դրօշակի արարողութիւնը պիտի կատարուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի սկաուտներուն կողմէ:
Սոյն ոգեկոչման մասնակցելու համար, Լոս Անճելըսի Միացեալ Մարմինը տրամադրած է հանրակառքեր, որոնք պիտի մեկնին Կլենտէյլի Սուրբ Աստուածածին եւ Հոլիվուտի Սուրբ Կարապետ Եկեղեցւոյ շրջափակերէն, Շաբաթ առաւօտեան ժամը 10:30ին: Իսկ Մոնթէպելլոյի Սուրբ Խաչ Եկեղեցիէն դէպի Յուշարձան մնայուն կերպով պիտի գործեն փոխադրակառքեր:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարին ոգեկոչելու նպատակով՝ Միացեալ Մարմինս նախաձեռնած է նաեւ քանի մը այլ միջոցառումներ: Գաղութի զանազան կազմակերպութիւններու շուրջ տասը կեդրոններէ ներս կազմակերպած է արիւնարշաւ, նուիրուած՝ հայոց ցեղասպանութեան 100ամեակին: Ապրիլ 17, 18 եւ 19ին տեղի կ'ունենայ երիտասարդական նկարչական ցուցահանդէս, «Ցեղասպանութիւն, Վերածնունդ եւ Պահանջատիրութիւն» թեմայով, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն գաղութի հայկական դպրոցներու, հայկական արուեստի կեդրոններու, ՀՕՄի Շաբաթօրեայ վարժարաններու եւ համայնքային կարգ մը դպրոցներու աշակերտները: Ցուցահանդէսի բացման օրն է Ուրբաթ, Ապրիլ 17, երեկոյեան ժամը 7:00ին, Կլենտէյլի Pacific Community Center & Park-ի սրահին մէջ (501 S. Pacific Ave. Glendale, CA, 91204): Կլենտէյլի «Պրէնտ» գրադարանին մէջ
(1601 W. Mountain St. Glendale), մինչեւ Ապրիլի 30ը կը շարունակուին ցուցադրուիլ Միացեալ Մարմնի հովանաւորութիւնը վայելող 100LIFE դասական եւ Լոս Անճելըսի ժամանակակից հայ նկարիչներու գեղարուեստական գործերը: Ամերիկեան համալսարաններու հայկական ակումբներու համար, Միացեալ Մարմինս պատրաստած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող դաստիարակչական ծրարներ, որոնց մէջ կան Ցեղասպանութեան վերաբերող արխիւային նիւթեր՝ գիրքեր, նկարներ, տեսաերիզներ, քարոզչական թռուցիկներ: Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար այցելեցէք www.uacla.com.
Միացեալ Մարմինս կը քաջալերէ իւրաքանչիւր հայորդիի իր մասնակցութիւնը բերել Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած բոլոր միջոցառումներուն, յատկապէս գաղութիս հիմնական միջոցառման՝ Ապրիլի 24ին կայանալիք «Արդարութեան Քայլարշաւին», որ պիտի երկարի Հոլիվուտէն մինչեւ Թրքական Հիւպատոսարան:
Միասնաբար մենք պիտի գոյատեւենք ու յաղթանակենք:
Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելըսի Միացեալ Մարմին
Ապրի 13, 2015