Stop Turkey's Role in Attacks Against Armenian Civilians in Kessab
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ - Մարտ 25, 2014
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայութիւնը կը դատապարտէ Սուրիոյ հայաբնակ Քեսապի վրայ թուրք պետութեան մեղսակցութեամբ կատարուած յարձակումը, անընդունելի կը գտնէ անոր բնակիչներու տեղահանումը եւ կը պահանջէ Սպիտակ Տունէն ու աշխարհի պետութիւններէն՝ կտրուկ քայլեր առնել դուրս բերելու զինեալները Քեսապէն, ինչպէս նաեւ դիւրացնելու տեղահանուած քեսապցիներու տուն վերադարձը:

Մեր համայնքի հայութիւ...նը իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ համայն սուրիահայութեան ընդհանրապէս ու մասնաւորապէս Քեսապի հայութեան, վստահեցնելով, որ պիտի շարունակէ հնարաւոր ամէն միջոցներով, եւ որեւէ աշխատանք չխնայելով, աջակցիլ անոնց վերապրելու ճիգերուն:
Հայ համայնքի առաջնորդներն ու ներքոյիշեալ կառոյցները շտապ գումարուած հանդիպումի մը ընթացքին խորհրդակցեցան անմիջական ու հեռակայ օժանդակութեան ու զօրակցութեան միջոցներու մասին, վերահաստատելով սուրիահայութեան օժանդակութեան իրենձ յանձնառութիւնը:
Որոշուեցաւ անմիջապէս Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմնին (SARF) դիմել որ յառաջիկայ օրերուն անմնիջականօրէն սուրիահայութեան, ու յա՛տկապէս քեսապահայութեան կարիքներուն համար շարունակէ իր ազգօգուտ հանգանակային աշխատանքը, որուն անկասկած պիտի զօրակցին մեր համայնքի ազգակիցները:
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմ
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմ
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարան
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութիւն
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն
Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն
Հայ Օգնութեան Միութիւն
Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւն
Friday March 28, 2014 at 2:00 pm
6300 Wilshire Blvd in Los Angeles, California